Եվրոպական Միությունը դիտարկում է SWIFT միջազգային վճարային համակարգից ավելի քան 20 ռուսաստանյան բանկեր անջատելու, ինչպես նաև ռուսաստանյան նավթի գնային շեմի իջեցման և «Հյուսիսային հոսք» գազատարների արգելքի հնարավորությունը: Պատժամիջոցների նոր փաթեթն ուղղված է Մոսկվայի վրա ճնշումն ուժեղացնելուն՝ ՈՒկրաինայի դեմ պատերազմը դադարեցնելու նպատակով։ ԵՄ պատժամիջոցները պահանջում են բոլոր անդամ պետությունների աջակցությունը և կարող են փոփոխվել, նախքան դրանք պաշտոնապես կառաջարկվեն և կընդունվեն։               
 

Ի՞նչ գործ ունի հայ կղերը սփիւռքի օտար օթեակներուն մէջ

Ի՞նչ գործ ունի հայ կղերը սփիւռքի օտար օթեակներուն մէջ
23.12.2015 | 13:52

Տարիներ առաջ դեռ նոր որմնադիր կարգուած տէրհօր հարցուցի՝ արդեօք Մայր Աթոռը տեղեակ էր իր մասոն ըլլալէն, անոր պատասխանը ինծի չափազանց զարմացուց: Ժպիտ մը իր երեսին՝ ան ըսաւ «Հոգ մի ըներ բարեկամ, արդէն լուրը հասած է Վեհափառ Հօր»:
Շատոնց տաբու ըլլալէ դադրած է, թէ կան շատ մը ՀԱԵ կարգին մէջ եղող հոգեւորականներ անդամ են նաեւ ազատ որմնադիրներու յաճախ հավատացեալ (déiste) օթեակներու:
Քրիստոնէական տարբեր դաւանանքի եկեղեցիներ չունին միասնական դիրք այս համաշխարհային եղբայրութեան գաղափարախոսութիւն դաւանող կազմակերպութեան նկատմամբ:
Ազատ որմնադիրներու ծննդավայր, Անգլիոյ մէջ անգլիկան եկեղեցւոյ կղերին համար ոչ մէկ հակասութիւն կայ ինչպէս շատ մը ուրիշ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւորականին համար պատկանիլ միաժամանակ այս երկուքին: Այս երկու գաղափարախոսութեան մաս կազմող անգլիկան կղերը առաւոտեայ պատարագէն յետոյ ազատօրէն կը մասնակցի երեկոյան մասոնական ժողովին օտար կրոնի կամ դաւանանքի պատկանող իր միւս եղբայրներուն հետ:
Իսկ հարցը բոլորովին տարբեր է խիստ կարգ ունեցող կաթողիկէ կամ ուղղափառ եկեղեցիին համար: Կաթողիկէ եկեղեցին ինչպէս անցեալին եւ մինչեւ այսօր խիստ ընդդիմադիր է այս համաշխարհային կազմակերպութեան: Պատմութեան ընթացքին Եւրոպայ յաճախ բեմ դարձած է, սուր բախումներ եղած են այս երկու կառույցներուն միջեւ: Կաթողիկէ կղերը պարտաւոր է ի վերջոյ կողմնորոշվելու, քանի որ իրաւունք չունի մաս կազմելու միաժամանակ 2 կարգապատկան գաղափարախօսութիւններու:
Իսկ մեզ՝ սփյուռքի հասարակ ՀԱԵ զաւակներուս համար բացարձակապէս անհասկնալի է Սուրբ Էջմիածինին խոր լռութիւնը այս հարցի նկատմամբ Հայաստանի անկախացումէն ի վեր: Այս կեցուածքը նախ չապացուցաներ հարցին չգոյութիւնը, առաւէլ եւս պատճառ կը դառնայ տեղի եւ անտեղի տարաբնույթ ասեկոսէներու եւ թյուրիմացութիւններու: Գիտակից որեւէ սփյուռքահայու համար բոլորովին ալ գաղտնիք չէ, թէ ինչպէս Ֆրանսա, այնպէս ալ Արեւմուտքի շատ երկիրներու մէջ մեր եկեղեցւոյ մաս կազմող զաւակներ կը պատկանին նաեւ տարբեր հաւատք եւ աշխարհականութիւն քարոզող օթեակներու: Նոյնիսկ մեր գաղութներու մէջ հանրաճանաչ հայեր, որոնք պաշտօններ ունին ազգային կազմակերպութիւններու մէջ, ՀԱԵ աշխարհիկ վարչութեան անդամներ են, անոնցմէ ոմանք չեն թաքցներ իրենց մասոնական պատկանելիութիւնը:
Սա վերջապէս իրենց խօսքի եւ խղճի ազատութիւն ունեցող երկրի մէջ ապրող մարդու քաղաքացիական իրաւունքն է: Մեզի համար մինչեւ հոս հասկնալի եղողը կը վերածուի բոլորովին անհասկնալիի, երբ որ մեր եկեղեցւոյ կղերը մեր հիւրընկալ օտար երկիրներու տարբեր օթեակներուն անդամ կը դառնայ: Մենք այսօր պիտի չծանրանանք մեր կղերի ճշգրիդ դրդապատճառներուն կամ աւելի ճիշդ իր հոգեկան անբաւարարութեան վրայ, այլ պիտի փորձենք հասկնալ այս հարցին շուրջ Մայր Աթոռի ոչ հստակ կեցուացքին: Անշուշտ եթէ Մայր Աթոռն ալ գոնէ մեզի չափ բաւական տեղեկութիւն ունի իր կղերին մասին:
Թերեւս Մայր Աթոռը խորքով դէմ է ազատ որմնադիրներուն, բայց պաշտօնապէս չի կրնար արտայայտուիլ, քանի որ իր շուրջ չունի Հռոմի կաթողիկէ եկեղեցւոյ հզորութիւնը եւ կը նախընտրէ անձայն մնալ եթէ նոյնիսկ ան տեղեակ ըլլայ այն իրականութեան, որ տասնամեակներէ իւր զաւակներէն շատերը մասոնութեան մաս կը կազմեն: Թերեւս չուզէր խրտճեցնել եւ վախցնել սփիւռքի հեղինակաւոր հասարակական կարգ մը անձեր, քանի որ անոնք հաճախ նիւթական նեցուկ են Մայր Աթոռին: Այս երեւույթը շատերուն համար հասկնալի է:
Բայց ընդունելի չէ անոր կեցուածքը հանդէպ իր իսկ կարգին մէջ գտնուող առաջնորդի մը կամ պարզ քահանայի մը «երկխորան» դաւանանքը: Ոչ թէ կղերական մը իբր անհատ իրավունք չունի ապրելու իր ազատ կամքով, այլ որպէսզի կարենայ նախ եւ առաջ իր եկեղեցիին շահերը պաշտպանել, երբ դէմ հանդիման կը մնայ երկու որոշումներու:
Չմոռնանք որ ՀԱԵ նաեւ ազգային եկեղեցի է եւ պէտք չէ որ մեր «երկպատկան» հոգեւորականը շփոթէ իր նժարը ազգայինին եւ համաշխարհայինին միջեւ եւ խտրութիւն չդնէ ան իր հօտին մէջ գտնուող երկու հաւատացեալներու միջեւ նոյնիսկ երբ ան ըլլայ անգիտակցաբար:
Այսօր սփիւռքի եւ հավանաբար է նաեւ վաղը Հայաստանի մէջ շատ ալ հազուագիւտ չեղող այսպիսի իրականութիւններու մասին ի՞նչ մտածած է Սուրբ Էջմիածնի Գերագոյն Խորհուրդը: Շատ ուշ չե՞նք մնացած պատասխանելու 21-րդ դարու համաշխարհայնացած աշխարհին մէջի այս հարցին: Այս հստակացումը ունի կարեւոր կէտ մեր ազգի ապագային նկատմամբ, քանի այսպիսի բարոյահոգեբանական հարցերու քննարկումին շնորհիւ գոնէ մեր կղերը պարտաւոր չըլլար ինքզինքը քողարկելու:


Նուբար ՍԵՐՈԲՅԱՆ
Նիցցա

Դիտվել է՝ 1430

Մեկնաբանություններ